image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի հանդիպումները Թորոնթոյի մէջ (Լուսանկարներ)

  Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի հանդիպումները Թորոնթոյի մէջ (Լուսանկարներ)

Գանատայի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն կը կարդանք՝ 

Հինգշաբթի, 25 Մայիսին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, երկու եկեղեցիներու Հոգեւոր պետերու հետ հանդիպումներ ունեցաւ, Թորոնթոյի մէջ։ 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին, Թորոնոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանն ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը, Հոգաբարձութեան անդամներ՝ Կարօ Սարկաւագ Սարգիսեան, Սարգիս Սարկաւագ Կիտանեան եւ ընծայարանական՝ Տարօն Սարկաւագ Հալլաճեան։ 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր ընկերակիցներուն հետ միասին, առաջին այցելութիւնը տուաւ, Թորոնթոյի Կաթոլիկ Առաջնորդ՝ Ֆրանսիս Արք. Լէոյին։ 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Կաթոլիկ Արքեպիսկոպոսին նշանակումը, որպէս Թորոնթոյի Առաջնորդ եւ յաջողութիւն մաղթեց իր յառաջիկայ բոլոր աշխատանքներուն։ 

Սրբազան Արքեպիսկոպոսները զրուցեցին զանազան նիւթերու մասին եւ յատկապէս անդրադարձան երիտասարդական, կրթական ու հոգեւոր ծրագիրներու եւ անոնց կապուած համագործակցութեան մասին։

Նոյն օրը, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ, այցելեց Ընդհանուր Գանատայի Անկլիքան Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Լինտա Արք. Նիքոլզին։

Երկու Արքեպիսկոպոսները անդրադարձան Միջին-Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ տիրող ներկայ կացութեան, յատկապէս քրիստոնեաներուն ու անոնց դժուարութիւններուն մասին։ 

Տրուած ըլլալով, որ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս վերջերս վերադարձած էր Սուրբ Երկրէն, յատուկ յուշանուէրներ փոխանցեց Առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հեղինակած «The Armenian Church» եւ «Turning to God» գիրքերը։