image
Հրատապ լուրեր:

Ե՞րբ պիտի աւարտի պատերազմը. Ըստ Ուքրանիոյ հետախուզութեան ղեկավարին

Ե՞րբ պիտի աւարտի պատերազմը. Ըստ Ուքրանիոյ հետախուզութեան ղեկավարին

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր հետախուզական վարչութեան պետ Քիրիլ Պուտանովը ըսած է, որ արդէն Օգոստոսին պիտի ըլլան Ուքրանիոյ առաջին տեսանելի արդիւնքները, յաղթանակները, իսկ մինչեւ տարեվերջ աշխոյժ գործողութիւնները բաւականաչափ պիտի կրճատուին:

Պուտանով ըսած է, որ պատերազմը պիտի աւարտի 2023 թուականին` բռնագրաւուած տարածքներու վերադարձով:

«Ելքը 1991 թուականի դրութեամբ սահմաններուն պիտի ըլլայ Ռուսիոյ ձեռնարկած  այս ամբողջ արկածախնդրութեան աւարտը», ըսած է Պուտանովը` յստակացնելով, որ, իր ենթադրմամբ, տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարի: