Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիան Կովկասի մէջ օտար ուժերու ներկայութիւնը անուանած է՝ տարածաշրջանի պետութիւններու ընդհանուր մտահոգութիւնը, եւ ընդգծած է Իրանի անհամաձայնութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ որեւէ օտար ուժի տեղակայման, յայտնած է IRNA լրատուական գործակալութիւնը։
Իր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ Ամիր Ապտուլ Լահիան քննարկած է երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային կարեւորագոյն հարցեր։
Անդրադառնալով Կովկասի մէջ վերջին զարգացումներուն՝ ան որպէս Իրանի մշտական քաղաքականութիւն, ընդգծած է այլ երկիրներու, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան աջակցութիւնը: