image

Դատապարտելի է արցախցիներու նկատմամբ ՀՀ իշխանութիւններու ատելութեան խօսքը. Յայտարարութիւն

Դատապարտելի է արցախցիներու նկատմամբ ՀՀ իշխանութիւններու ատելութեան խօսքը. Յայտարարութիւն

Խստագոյնս դատապարտելի է ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ արցախցիներու նկատմամբ ուղղորդուած ատելութեան խօսքը, որ արտայայտուեցաւ նաեւ յունիս 12–ին ԱԺ–ի մէջ ՀՀ վարչապետի յայտարարութիւններուն մէջ։ Այդ մասին համատեղ յայտարարութիւն տարածած են ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանն ու Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։

Անոնք նշած են, որ ընկերային մետիայի տարբեր հարթակներու վրայ աւելի սաստկացած են արցախցիներու նկատմամբ վիրաւորանքներն ու ատելութեան խօսքը, անոնց ծաղրելու դրսեւորումները։

«Էթնիկ զտումների զոհ դարձած Արցախի ժողովրդին ամէն ինչում մեղադրելու, ամէն հարցում թիրախաւորելու այս արատաւոր երեւոյթը դառնում է հանրութեան մէջ արցախցիների նկատմամբ ատելութեան գեներացման եւ լայն տարածման պատճառ»,–ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Թաթոյեանն ու Ստեփանեանը նշած են նաեւ, որ այս արշաւը կը տարածէ ու անգամ կ՚ուղղորդէ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը, որ բռնի տեղահանուած արցախցիներու՝ հայաստանեան հասարակութեան համարկման ու հանրային համերաշխութեան նպաստելու փոխարէն, մասնակից կը դառնայ հայութեան մէկ հատուածի նկատմամբ տարուող ատելութեան առաջացման։

Բացի այդ, հաւաքներու վայրերէն բերման ենթարկուած արցախցներու նկատմամբ ոստիկանութեան ներկայացուցչիները կը դրսեւորեն առանձնակի թիրախաւորում, որ կ՚ուղեկցուի արժանապատւութիւնը նուաստացնող արտայայտութիւններով` Հայաստանի մէջ «տեղ չունենալու», «հիւր ըլլալու» եւ այլ վիրաւորական արտայայտութիւններով։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ նաեւ կը յիշատակուին Արցախի համայնքներու ղեկավարներու, մասնաւորապէս Ստեփանակերտի, Մարտակերտի, Ասկերանի, Հաթերքի համայնքապետերու նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդումները, որոնց ձերբակալումներն եղած են ակնյայտ քաղաքական հովանաւորչութեամբ, առանց որեւէ իրաւական հիմքի։

Թաթոյեանի ու Ստեփանեանի հիմնաւորմամբ` համայնքապետներու դէմ հետապնդումները սկսած են եւ անոնք զրկուած են ազատութենէ` Հայաստանի մէջ իրենց քաղաքացիական, այդ շարքին՝ հաւաքներու մասնակցութեան կամ այդ հաւաքներուն աջակցութիւն յայտնելու համար։