Այս պահուն իրավիճակը հայ-ազրպէյճանական սահմանին հանդարտ է, հակառակորդը կրած է մինչեւ 7 զինծառայողի կորուստ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Հայաստանի Զինուած ուժերուն կողմէ կ՛իրականցուին որոնողական-մաքրման աշխատանքներ: ՀՀ Զինուած ուժերուն մէջ վիրաւորներ չկան»,- յայտնած է ան:
Աւելի առաջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ հակառակորդը ետ շպրտուած է, տալով զոհեր ու վիրաւորներ. «ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տիրապետէ ազրպէյճանական կողմէ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու անհերքելի ապացոյցներու: Տեղի ունեցած սադրանքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»:
Այսօր` 29 դեկտեմբերին վաղ առաւօտեան ՀՀ Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ արեւելք ինկած պետական սահմանի հատուածին մէջ ազրպէյճանական զօրքերու ձեռնարկած հետախուզական ներթափանցման փորձի հետեւանքով հայկական կողմը ունի երեք զոհ, որոնց անունները յայտնի են: Զոհուած են աւագ հարիւրապետ Շաւարշ Մելիքսէթի Մելիքեանը, շարքայիններ Էդգար Գրիգորի Նարայեանը եւ Էրիկ Գարիկի Աբովեանը: