image

Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները պիտի կայանան 2017-ի Ապրիլ 2-ին

Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները պիտի կայանան 2017-ի Ապրիլ 2-ին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հրամանագիր ստորագրած է` խորհրդարանի ընտրութիւններու օրուայ առթիւ, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

«Հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 103-րդ յօդուածի 2-րդ մասը` կ՛որոշեմ.

1. Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը նշանակել 2017 թուականի Ապրիլ 2-ին»,- ըսուած է նախագահի կայքին մէջ հրապարակուած որոշումին մէջ: