Հայաստանի Աթէնքի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ, Յուլիս 22-ին, մայրաքաղաքի երաժշտանոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթի բացառիկ համերգը, ղեկավարութեամբ Սեդրակ Երկանեանի։
Համոյթը ներկայացուցած է պառոք եւ հայկական երաժշտութիւն։
Համերգին ներկայ եղած են աշխատանքային այցով Յունաստան գտնուող ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Յունաստանի Մշակոյթի նախարար Լինա Մենտոնի, յունահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, երաժշտասէրներ։