Պիրմինկհամեան «Պորկեզէի տուն» ընկերութիւնը ստեղծած է տղամարդոց աշխարհի ամենաթանկ կօշիկը, ադամանդներով զարդարուած այս կօշիկի 1 զոյգի արժէքը 150 000 տոլար է: Այս մասին գրած է Daily Mail պարբերականը:
Ձեւաւորող Քրիստոֆըր Շելիսի կողմէ գինեգոյն կաշիով մշակուած կօշիկը զարդարուած է ոչ միայն ադամանդներով, այլ նաեւ ոսկիով:
Նորաձեւութեան տունը կ'առաջարկէ կրել այս կօշիկները 60 000 ֆունտ արժողութեամբ փլաթին գօտիին եւ 36 000 ֆունտ արժողութեամբ կաշի բաճկոնին հետ:
Ձեւաւորողը նշած է, որ ոգեշնչուած է 1558 թուականին թագադրուած թագուհի Էլիզապէթ Ա.-ի ոճով: