image

Արեւմուտքը թակարդի մէ՞ջ. The Guardian

Արեւմուտքը թակարդի մէ՞ջ. The Guardian

ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան (ԵՄ)  դաշնակիցներու հակառուսական պատժամիջոցները յանգեցուցին անոր, որ արեւմտեան երկիրները իրենք ինկան Ռուսաստանի համար պատրաստուած ծուղակը: Այս մասին յայտնած է The Guardian-ը:

«Ուաշինկթընը լծակներ ունի համաշխարհային ֆինանսական համակարգին վրայ, սակայն յաճախ Միացեալ Նահանգները չի կրնար որոշել նպատակները», կը նէ հրատարակութիւնը:

Համաշխարհայնացման ներկայիս ձեւաչափը ցանց է, ուր երկիրները կրնան թակարդի մէջ ձգել միմեանց: Միաժամանակ կ'ընդգծուի, որ Ռուսաստանը պիտի կարենայ զարգացնել նոր արհեստագիտութիւններ եւ անոնց շնորհիւ դուրս գալ «աշխարհաքաղաքական վանդակէն»: Կը յայտնէ The Guardian-ը:

Ինչպէս կը նշէ Guardian-ը, Ռուսաստանի նշանակութիւնը դուրս կու գայ իր սահմանններէն` որպէս աշխարհի 11-րդ մեղ տնտեսութիւն: ԱՄՆ-էն եւ Եւրոմիութեան երկիրներէն նաւթի, կազի եւ ածուխի ռուսական արտահանման վերակողմնորոշումը դէպի ասիական ներկրողներ տնտեսական մեծ ցնցում պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի համար:

Բացի անկէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի` ոչ-բարեկամ երկիրներու հետ վառելանիւթի համար ռուպլիով վճարումներ սահմանելու որոշումը կրնայ հակադարձել մոլորակի քայլը դէպի մաքուր ուժանիւթ, քանի որ վառելանիւթի բարձր գիները կը վերադառնան  արդիւնահանող ոլորտներ: