image

Արեւմտեան երկիրներուն հետ երկխօսութիւնը իմաստ չունի. Լաւրով

Արեւմտեան երկիրներուն հետ երկխօսութիւնը իմաստ չունի. Լաւրով

Արեւմտեան երկիրներուն հետ երկխօսութիւնը իմաստ չունի, եթէ անոնք կը փափաքին «Ուքրանիոյ յաղթանակը Ռուսիոյ նկատմամբ մարտի դաշտին մէջ», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:

«Եթէ Արեւմուտքը կը փափաքի ոչ թէ բանակցութիւններ, այլ Ուքրանիոյ յաղթանակ Ռուսիոյ նկատմամբ մարտի դաշտին վրայ, ապա, հաւանաբար, Արեւմուտքի հետ պարզապէս խօսելու բան չկայ, քանի որ այս մօտեցումներով, ըստ էութեան, այդ թոյլ չի տար Ուքրանիոյ անցնելու խաղաղութեան գործընթացին», ըսած է Լաւրով:

Ան պարզաբանած է, որ հանդիպման ժամանակ G20-ի արեւմտեան երկիրները ներկայացնող դիւանագէտներուն տրուած են «անաչառ հարցեր», որոնց պատասխանները անոնք չունին, այլ միայն «կատաղի ռուսատեացութիւն»: