image
Հրատապ լուրեր:

«Անանիա Շիրակացի» մետայլ՝ Էվա Հայրապետեանին

 «Անանիա  Շիրակացի» մետայլ՝ Էվա Հայրապետեանին

 Գանատայի  հայկական համայնքի  աշխոյժ անդամուհիներէն՝ Էվա  Հայրապետեան օրերս   պարգեւատրուած է   Թեմի Առաջնորդարանին   կողմէ անշուշտ բարձր տնօրինումով   Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ.Բաբգէն արք. Չարեանին։

 Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ   Գանատայի Թեմի   դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

 

Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի տնօրինումով, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան ներկայ գտուեցաւ Համազգայինի «Սանահին» Մասնաճիւղի կազմակերպած մեծարանքի երեկոյին, ի պատիւ մասնաճիւղի «Անի» պարախումբի երկար տարիներու պարուսոյց՝ Տիկին Էվա Հայրապետեանին։

 

Հանդիսութեան ընթացքին, Հայր Սուրբը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային շքանշանը՝ Տիկին Էվա Հայրապետեանին։