Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերուն պատկանող 4 ուղղաթիռ շաբաթ օր, հետեւակ ուժեր իջեցուցած են Տէր Զօր նահանգի Ալ-Մուհայմատիէ բնակավայրի մօտակայքը:
Ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում ընելով սուրիական «ՍԱՆԱ» պետական լրատուամիջոցին, ամերիկացի զինուորականները գրոհած են տուներէն մէկը, ուր կը թաքնուէին ահաբեկիչները եւ գերի վերցուցած են մէկը: Տարածքէն հեռանալով՝ ամերիկացի զինուորականները պայթեցուցած են կառոյցը:
Նշուած է, որ այդ տարածքին մէջ նախապէս կը գտնուէր «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերէն մէկը, զոր վերացած է 2019 թուականին քրտական զօրամիաւորումներու կողմէն: