image

Ամերիկա դրական կը գնահատէ Յորդանան-Սուրիա համագործակցութիւնը

Ամերիկա դրական կը գնահատէ Յորդանան-Սուրիա համագործակցութիւնը

ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը ողջունած է Սուրիոյ հետ առեւտրային թռիչքներու վերսկսման մասին Յորդանանի յայտարարութիւնը:

Քարտուղարութեան խօսնակ Կալինա Փորթըր ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները զայն կ'ողջունէ առեւտուրի մասով:

Նշենք, որ Յորդանանը եւ Սուրիան պայմանաւորուած են, որ «Royal Jordanian Airlines»-ը պիտի վերադառնայ իր չուերթներով՝ Ամման եւ Դամասկոս ուղեւորներու փոխադրման համար, յառաջիկայ 3 Հոկտեմբերէն սկսեալ:

Յորդանանա-սուրիական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ Ջուրի համատեղ կոմիտէի վերագործարկման նպատակով, 1987-ին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի իրականացման հետեւելու, հնարաւորինս շուտ աշխուժացնելու համատեղ կոմիտէները եւ համագործակցելու` Եարմուքի աւազանի ջուրերու օգտագործումը առաւելագոյնի հասցնելու համար: