image

80 Արցախցի առողջացած եւ դուրս եկած է հիւանդանոցէն

80 Արցախցի առողջացած եւ դուրս եկած է հիւանդանոցէն

Արցախի մէջ տեղի ունեցած պենզինի պայթումի եւ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած 167 քաղաքացի դեռ կը շարունակէ իր բուժումը, որոնցմէ 26-ի վիճակը կը գնահատուի ծանր, իսկ 10-ին՝ ծայրայեղ ծանր։

Այս մասին Կառավարութեան «Հումանիտար կեդրոնի» ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Նազարեանը։

Փոխնախարարը մանրամասնած է, որ վերջին 1 շաբթուան ընթացքին հիւանդանոցներէն առողջացումով 80 բուժառու դուրս գրուած է:

Միեւնոյն ժամանակ նաեւ աւելցուցած է, որ 19 արցախցի ալ կը շարունակէ  բուժումը արտասահմանեան բուժհաստատութիւններու մէջ։

Բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու ընտանիքներու մէջ  72 երեխայ ծնած է։

«Առ այսօր բժշկական կեդրոններում հաշուառուել են 38,102 պացիենտ։ Բացի անհատական այցերի միջոցով գրանցումներ կատարելուց, գրանցումները կատարւում են նաեւ մոբիլ թիմերի միջոցով»,- մանրամասնած է ան։