Լարուած մթնոլորտ կը տիրէ Պէյրութի «Նըժմէ» հրապարակին վրայ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց VDL կայանը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ մինչ խորհրդարանը երկար բացակայութենէ յետոյ այսօր որոշած է նիստ գումարել, անդին հազարաւոր ցուցարարներ ողողած են Պէյրութի այդ շրջանը եւ անոնք վճռած են ամէն կերպ խանգարել նիստի կայացումը։
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու բանակը մեծ կուտակումներ կատարած է շրջանին մէջ եւ այդ տարածք բերուած են արցունքաբեր կազ արձակող յատուկ մեքենանար։
Նշենք, որ շուրջ քսան խորհրդականներ աւելի վաղ յայտնած էին, թէ պիտի պոյքոթեն այսօրուան նիստը։
Նշենք, որ Թրիփոլիի եւ Սայտա քաղաքին մէջ ցուցարարներն այսօր մեծ աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն փորձելով փակել քաղաքի գլխաւոր ճանապարհները։
Ամէն պարագայի յստակ է, որ այսօր լարուած օր մը կը սպասուի ի մասնաւորի Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ։
Յիշեցնենք, որ սղաճին ու ապա կառավարութեան կազմութեան եւ ոչ քաղաքական կառավարութեան մը կազմութեան համար ընթացք առած բողոքի շարժումը այսօր կը լրացնէ իր 32-րդ օրը։