Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու ժամանակը արդէն եկած է, այժմ անհրաժեշտ է հանդիպիլ եւ խօսիլ, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին իր ֆէյսպուքեան էջով հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ:
«Եկած է հանդիպելու եւ խօսելու ժամանակը: Եկած է Ուքրանիոյ համար արդարութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու ժամանակը», ըսած է Զելենսքին:
Անոր խօսքով` Ուքրանիոյ անվտանգութեան ու խաղաղութեան վերաբերեալ բովանդակալից բանակցութիւնները Ռուսաստանի միակ հնարաւորութիւնն են սեփական սխալներու հետեւանքով վնասը նուազեցնելու համար:
«Հակառակ պարագային Ռուսաստանի կորուստները այնպիսին պիտի ըլլան, որ մի քանի սերունդ անգամ բաւական պիտի չըլլայ ոտքի կանգնելու համար», շեշտած է Զելենսքին: