Ըստ հաղորդագրութեան, հետաքննութիւններէն ետք, կասկածեալը խոստովանած է, որ իրականացուցած է առեւանգումը սուրիացի Հ.Ղ.-ի մասնակցութեամբ: Անոնք տարած են մայրն ու աղջիկները գիւղաքաղաքէն դուրս գտնուող քարանձաւ մը, ուր սպաննած են բոլորը:
Օրերս ցաւալի ոճրագործութիւն մը ցնցած է Լիբանանի հարաւային Անսար գաւառակը: Սպաննուած են մայրն ու իրեք դուստրերը: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ լիբանանեան «Պընդ Ժպէյլ» կայքէն:
Աղբիւրը վկայակոչելով «Ազգային Լրատուական գործակալութիւն»ը նշած է, որ աղջիկները՝ Մանալ (16 տարեկան) Ռիմա (22 տարեկան), եւ Թալա (20 տարեկան), իրենց մօր՝ Պասմայի ընկերակցութեամբ, որ նախկին կինը եղած է գիւղապետ՝ Զաքարիա Սաֆաուիի, 25 օր առաջ դուրս ելած են տունէն ու անհետացած են: Հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, որ Սաֆաուիներու ընտանիքին ուղեկցած է իրենց համագիւղացի՝ Հ. Ֆայատը (36 տարեկան):
Ըստ աղբիւրին, գիւղապետը տեղեկացուցած է անվտանգութեան պատասխանատու մարմիններուն, թէ իր ընտանիքը անհետացած է, անոնք հետախուզական լայնածաւալ հետաքննութիւն սկսած են եւ կրցած են հասնիլ Ֆայատին ու ձերբակալել զայն: Ֆայատ խոստովանած է, որ սպաննած է ընտանիքին անդամները եւ թաղած անոնց դիերը Անսար եւ Զիրարիա գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող տարածքին մէջ: Ոստիկանութիւնը որոնողական աշխատանքներ կատարելէն ետք, յայտանբերած է դիակները:
Իր կարգին, յանցագործութիւնը ընդունող Հուսէյն Ֆայատի ընտանիքը, յայտարարութիւն տարածած է, ուր մասնաւորապէս ըսած,- «Մենք՝ Ժամիլ Ֆայատի գերդաստանը Անսար գիւղաքաղաքէն կը յայտարարենք, որ խստօրէն կը դատապարտենք այս նողկալի ոճրագործութիւնը, որուն մատնուած է մեր սիրելի ընկերոջ, գիւղապետ՝ Զաքարիա Սաֆաուիի ընտանիքը: Եթէ ապացուցուի, որ մեր զաւակը՝ Հուսէյն Ժամիլ Ֆայատ պատասխանատու է այս ոճրագործութեան, մենք կը պահանջենք դատական իշխանութիւններէն կիրառել ամենախիստ պատիժը անոր նկատմամբ»:
Միւս կողմէ լիբանանեան Բանակի հրամանատարութեան վարչութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր մասնաւորապէս ըսուած է թէ Անսար քաղաքի հետախուզական վարչութեան պարեկները ձերբակալած են քաղաքացի՝ Հ.Ֆ. քաղաքացի Պասմա Ապասի եւ անոր դուստրերու առեւանգման մասնակցելու կասկածանքով։
Ըստ հաղորդագրութեան, հետաքննութիւններէն ետք, կասկածեալը խոստովանած է, որ իրականացուցած է առեւանգումը սուրիացի Հ.Ղ.-ի մասնակցութեամբ: Անոնք տարած են մայրն ու աղջիկները գիւղաքաղաքէն դուրս գտնուող քարանձաւ մը, ուր սպաննած են բոլորը:
Նշուած է, որ դիակները յայտնաբերուելէն ետք փոխադրուած են հիւանդանոց, ուր կը կատարուին անհրաժեշտ դատաբժշկական քննութիւնները:
«Իրաւասու դատական մարմնի հսկողութեամբ կը շարունակուի նախաքննութիւնը բացայայտելու ոճրագործութեան հանգամանքները: Իսկ ոճիրին մասնակցելու մէջ մեղադրուող սուրիացի Հ.Ղ.ն հետախուզութեան մէջ է»,- եզրափակուած է հաղորդագրութիւնը: