image

Յունահայ գաղութը ի նպաստ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան

Յունահայ  գաղութը  ի նպաստ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան

«Աթէնք» հրապարակուող   «Ազատ  Օր»էն կը կարդանք՝

14.555 եւրօ եւ 400 ամերիկեան տոլար հանգանակուեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր քոյր-եղբայրներուն ի նպաստ Յունահայ մեր հայրենակիցներու ազնիւ մատուցումով, իր բարւոք աւարտին հասաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ի նպաստ գործադրուած նուիրահաւաքը։

Միջին Արեւելքի մեր երկու կարեւոր օճախներուն օգնութեան հասնելու նպատակով, յունահայ մեր հայրենակիցները, վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին, փութացին իրենց նեցուկն ու օժանդակութիւնը գործնական ձեւով յայտնելու եւ միանալու համահայկական ճիգին, ի նպաստ Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու մէջ ապրող հայութեան, որ ընկերային-տնտեսական դժնդակ պայմաններ կը դիմագրաւէ։

Յունաստանի տարածքին գործադրուած նուիրահաւաքը իրագործուեցաւ մեր գաղութի գործօններուն կողմէ, որոնք գիտակցելով գաղութային զօրաշարժի նշանակութեան եւ հրամայական անհրաժեշտութեան՝ ի գործ դրին իրենց կարելիութիւնները։ Նուիրահաւաքը հովանաւորուած էր Յունահայոց Առաջնորդ Գերշ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի կողմէ եւ իրագործուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեանց, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ.  Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան կողմէ։ Այսպէս կարելի եղաւ հանգանակել 14.555 եւրօ եւ 400 ամերիկեան տոլարի ընդհանուր գումարը, որ պիտի փոխանցուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ օժանդակութեան համահայկական միացեալ մարմնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի  մասնակցութեամբ։