Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական՝ Ալեքսէյ Արեսդովիչ երկրի նախկին նախագահ՝ Փիոտր Փորոշենքօն մեղադրած է Ռուսաստանի Դաշնութեան յատուկ ռազմական գործողութիւն կատարելուն մէջ, հաղորդած է ԹԱՍՍ–ը՝ յղում ընելով ուքրանական լրատուամիջոցներուն։
Ան յայտնած է, որ պատերազմի նախադրեալներէն մէկը՝ սահմանադրութեամբ Ուքրանիան դէպի ՆԱԹՕ ուղիի դրոյթի ամրագրումն էր։
«Փորոշենքօն երբ սա ներկայացուց, իր անձնական նախընտրական PR ճարտարագիտութիւնն էր։ Ան արդէն այն ժամանակ գիտեր, որ ՆԱԹՕ-ն մեզի երբեք չ'ընդունիր իր կազմին մէջ։ Եւ այն ամէնուն համար, ինչ այժմ կը կատարուի Ուքրանիոյ մէջ, մեղքի բաժին ունին նաեւ անոնք, որոնք այդ դրոյթը ամրագրած են»,–ըսած է Զելենսքիի գրասենեակի պաշտօնեան։
15 Մարտին Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է ճանչնալ այն փաստը, որ չնայած բաց դռներու մասին խօսքերուն, ՆԱԹՕ–ն մտադիր չէ ընդունիլ Ուքրանիան։