Թորոնթոյէն ուրախ լուր ստացանք։
Դուին Ղազարեան եւ Աբիկ Պաղտասարեան համոզուած են, որ իրենց կեանքի օրերը միասին պիտի կիսեն։
Այս առումով ալ, հայաշունչ ընտանիք մը կազմելու ճանապարհին, օրերս անոնք ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ ընկերներու իրար մատանի փոխանցած են որպէս նշան հաւատարմութեան։
Նշանախօսութեան կարգը կատարած է Թորոնթոյի հոգեւոր հովիւներէն՝ Հայր վարդան ծ. վրդ. Թաշճեան։ Արարողութիւնը տեղի ունեցած է «Լաւաշ» համալիրէն ներս, որմէ ետք ուրախ առիթին մասնակիցները միասին տօնախմբած են երիտասարդ զոյգին ուրախութիւնը։
Դուին Ղազարեան ծնած է Գանատա, հայեցի դաստիարակութիւնը ստացած է իր ընտանեկան օճախին մէջ ու ապա յաճախած Թորոնթոյի ազգային վարժարանը։
Ան փայլուն հաշուապահ է, վկայուած է Schulich school of business հիմնարկէն։
Աբիկ Պաղտասարեան համակարգչային ոլորտի մասնագէտ է եւ կը գործէ այդ ոլորտին մէջ։
Նշենք նաեւ որ Դուին Ղազարեան դուստրն է Գանատա հաստատուած եւ արմատներով Լիբանանէն Շանթ եւ Ալին Ղազարեաններուն, որոնք նուիրեալ ծնողներ ըլլալէ անդին յարգուած անձնաւորութիւններ են Գանատայի եւ Հայաստանի հայ հասարակութեան մէջ։
Բախտաւոր եւ երջանիկ օրեր կը մաղթենք երիտասարդ զոյգին՝ հաւատալով, որ միասնաբար եւ քայլ առ քայլ պիտի հասնին իրենց նպատակին ու յար եւ նման իրենց ծնողներուն՝ կազմեն հայկական ոգիով պայծառացած ընտանեկան երջանիկ բոյն մը։
Խնդակցութիւններ։