image

Ուքրանիոյ մէջ զոհերը պիտի աճին. ՆԱԹՕ-ի ղեկավար

Ուքրանիոյ  մէջ   զոհերը  պիտի  աճին. ՆԱԹՕ-ի  ղեկավար

Ուքրանիան ականատես կ'ըլլայ Եւրոպայի մէջ վերջին տասնամեակներու ընթացքին ամենավատ ռազմական յարձակման:

 

ՆԱԹՕ-ի մէջ կը կարծեն, որ յառաջիկայ օրերուն Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը պիտի վատթարանայ, աւելի շատ զոհեր եւ վիրաւորներ պիտի ըլլան: Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ:

«Յառաջիկայ երկու օրուայ ընթացքին, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելի վատ պիտի ըլլայ` աւելի շատ զոհեր, աւելի շատ վիրաւորներ, աւելի շատ աւերածութիւններ պիտի ըլլան», ըսած է ան:

Դաշինքի գլխաւոր քարտուղարը պնդած է, որ Ուքրանիան ականատես կ'ըլլայ «Եւրոպայի մէջ վերջին տասնամեակներու ընթացքին ամենավատ ռազմական յարձակման»:

Սթոլթենպըրկ յայտնած է նաեւ, որ ՆԱԹՕ-ն Ռուսաստանին կոչ կ'ընէ անյապաղ դուրս բերելու զօրքերը Ուքրանիայէն եւ սկսելու բանակցութիւնները: «Մենք նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ կ'ընենք անյապաղ դադրեցնելու այս պատերազմը, առանց պայմաններու դուրս բերել զօրքերը Ուքրանիայէն եւ անցնելու իրական դիւանագիտութեան», ըսած է ան:

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը յաւելած է, որ Կառոյցը Ռուսաստանի հետ հակամարտութեան չի ձգտիր, եւ պատասխանատու է, որ հակամարտութիւնը դուրս չգայ Ուքրանիոյ սահմաններէն:

«Մենք պատասխանատու ենք, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը չտարածուի իր սահմաններէն այն կողմ, այդ պիտի ըլլայ աւելի կործանարար եւ վտանգաւոր: ՆԱԹՕ-ն չի ձգտիր պատերազմի Ռուսաստանի հետ», ըսած է սն՝ նշելով, որ Դաշինքը միջադէպերէն խուսափելու համար կը պահպանէ ռազմական կապի բաց ուղիները Ռուսաստանի հետ: