Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառուցուածքի մօտ 40 տոկոսը լրջօրէն վնասուած է։ Այս մասին յայտարարած է ուժանիւթի նախարարի խորհրդական Ալեքսանտր Խարչենքոն, կը հաղորդէ ՈՒՆԻԱՆ-ը։
«Ցաւօք, նոր տուեալներով, ընդհանուր ենթակառուցուածքի մօտ 40 տոկոսը լրջօրէն վնասուած է։ Վերանորոգման եւ միացման աշխատանքները կը շարունակուին, բայց այսօր եւ վաղը պէտք է սպասել, որ տեղի ունենան անջատումներ։ Պիտի ըլլան ոչ միայն վթարային, այլեւ ծրագրային անջատումներ՝ ցանցի ծանրաբեռնուածութիւնը նուազեցնելու համար»,-ըսած է Խարչենքոն։
Ան եւս մէկ անգամ ուքրանացիներուն յորդորած է խնայելու ելեկտրականութիւնը եւ աւելորդ սարքեր չմիացնել։