image

Ուքրանիան մտադիր էր լայնածաւալ յարձակում ձեռնարկել ՝ Տոնպասի ուղղութեամբ

Ուքրանիան մտադիր էր լայնածաւալ  յարձակում ձեռնարկել ՝ Տոնպասի ուղղութեամբ

Ռուսաստանի զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած յատուկ ռազմական գործողութիւնը կանխած եւ խափանած է ուքրանական լայնածաւալ յարձակումը Լուկանսքի եւ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններուն դէմ 2022 թուականի Մարտին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Իկոր Քոնաշենքովը:

«Փետրուար 24-էն ՌԴ զինուած ուժերի իրականացուցած յատուկ ռազմական գործողութիւնը կանխած եւ խափանած է այս տարուայ Մարտին ուքրանական զօրքերու հարուածային խմուբերու լայնածաւալ յարձակումը Լուկանսքի եւ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններուն վրայ, որոնք չեն վերահսկուիր Քիեւի կողմէ», ըսած է Քոնաշենքովը:

Անոր խօսքով` դեռ յայտնի չէ, թէ ԱՄՆ-ն ու ՆԱԹՕ-ն որքան խոր ներգրաւուած եղած են ուքրանական բանակին կողմէ Տոնպասը գրոհելու գործողութեան ծրագրման ու նախապատրաստման մէջ:

Բացի այդ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Ուքրանիոյ Ազգային զօրքի հրամանատարի 2022 թուականի Յունուար 22-ի գաղտնի հրամանը` այս տարուայ Մարտին Տոնպասի դէմ յարձակման վերաբերեալ:

«Փաստաթուղթը հասցէագրուած է Ուքրանիոյ ազգային զօրքի հիւսիսային Քիեւի, հարաւային Օտեսայի եւ արեւմտեան տարածքային վարչութիւններու ղեկավարներուն», ըսած է Քոնաշենքովը: