Reuters-ի տուեալներով՝ Ուաշինկթընը կը վերսկսի զէնքի վաճառքը Ուքրանիոյ՝ դաշնակիցներու հետ նոր ֆինանսական համաձայնագրի շրջածիրէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմն առաջին անգամ հաւանութիւն տուած է Ուքրանիոյ զէնքի նոր մատակարարումներուն, գրած է գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով գործընթացին ծանօթ երկու աղբիւր:
Ըստ Reuters-ի՝ Թրամփ պնդած է, որ ամերիկեան պաշարներէն զէնքի գնումը ֆինանսաւորեն ՆԱԹՕ-ի երկիրները։ Պաշտպանութեան նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էլպրիճ Քոլպին հաւանութիւն տուած է Ուքրանիոյ 500 միլիոն տոլարի սպառազինութիւններու երկու մատակարարման: Ատոնք շուտով պիտի ուղարկուին Ուքրանիա, հաղորդած են Reuters-ի զրուցակիցները:
Գործակալութիւնը յայտնած է, որ սա «Ուքրանիոյ առաջնահերթ պահանջներու ցանկ» (PURL) անուամբ նոր մեքենականութեան առաջին կիրառումն է, որ մշակած են Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները: