image

Որեւէ միջադէպի պարագային մենք ձեռնածալ պիտի չմնանք. Իրանցի զօրավար

Որեւէ միջադէպի պարագային մենք ձեռնածալ պիտի չմնանք. Իրանցի  զօրավար

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային զօրքերը ուղղաթիռով եւ օդապարիկով թռիչք իրականացուցած են երկրի հիւսիսարեւմտեան սահմանային շրջաններու մէջ զօրավարժութիւններու երրորդ օրուան ընթացքին:

Ինչպէս գրած է tasnimnews.com-ը, գործողութիւնները իրագործուած են Mil Mi-17 ուղղաթիռներով:

Ատրպէյճանի հետ սահմանին կայացող զօրավարժութիւններու մասնակիցները գրաւած են նաեւ պայմանական հակառակորդի կողմէ վերահսկուող երթուղիներն ու բարձունքները։ Երկուշաբթի մեկնարկած զօրավարժութիւններու ընթացքին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ուժերը առաջին անգամ փորձարկած են գետերու վրայ վերնանցումային կամուրջներու տեղադրումը զօրքերու եւ մեքենաներու տեղաշարժի համար:

Զօրավարժութիւններու ֆոնին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի հրամանատար, զօրավար-մայոր Հոսէյն Սալամին յիշեցուցած է հարեւան պետութիւններուն, որ Իրան հաւատարիմ կը մնայ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան քաղաքականութեան, քանի դեռ թշնամիներու կողմէ իր դէմ դաւադրութիւն չկայ:

«Մեզի հետ ճիշդ փոխգործակցող որեւէ երկրի եւ ուժու հետ մենք եղբայր ենք։ Կոչ կ'ընենք մեր հարեւաններուն լուծելու իրենց խնդիրները փոխգործակցութեան եւ ոչ ռազմական մոտեցումներու միջոցով։ Մենք շահեր ունինք այս տարածաշրջանին մէջ, ուստի, եթէ տարածաշրջանի որեւէ անկիւնի մէջ միջադէպ տեղի ունենայ եւ մեր շահերը վտանգուին, ապա մենք չէզոք չենք մնար եւ կը պաշտպանենք մեր շահերը»,-ըսած է զօրավարը։

Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոդ նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլ Լահիան, խօսելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան մասին, ընդգծած է, որ Իրան թոյլ չի տար Հայաստանի հետ իր կապի ճանապարհի արգելափակումը: Այս մասին գրած է ԻՌՆԱ գործակալութիւնը: