Բնիկ Մուսատաղցի եւ երկար ժամանակէ ի վեր Լաթաքիա ապրող բժշկ. Նորայր Մանճեան կը գրէ ՝
Սուրիահայ Գեղանկարիչ Պուլոս Սարգօ , ծնած է Դամասկոս ,բնիկ Լաթաքիոյ հայաբնակ Ղնէմիէ գիւղէն,ուր կ՚ապրի ցայսօր եւ կը շարունակէ ստեղծագործել:
Ան աշխատած է,Լաթաքիոյ գեղարուեստի կեդրոնէն ներս։
Գեղարուեստական ուսումը շարունակած է,Պելճիքայի Ֆենդեր Քլայն հիմնարկէն ներս։
Շրջան մըն ալ կ՚ապրի Դանիոյ մէջ եւ կը նկարէ որոշ յայտնիներ (portrait):
Սարգօ հրատարակած է մի քանի քաղաքական գրքեր: Անդամ է,Սուրիոյ Արուեստագէտներու և նաեւ գրողներու միութեան:
Հակառակ բոլոր դժուար պայմաններուն ,ան կը շարունակէ ու կը ստեղծագործէ։
Այս երկտողը գրեցի պարզապէս յիշելու ու գնահատելու համար իր ուրոյն ճիգն ու ոգին, որ հակառակ Սուրիոյ աղէտալի պատերազմին կը շարունակէ թեւածել ու նաեւ ճախրել։