Ժամեր առաջ մեծ պայթումներ լսուած են Տէր Զօրի գիւղական հատուածներուն մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սփութնիք» կայքէն (արաբական ծառայութիւն)։
Կը նշուի, որ պայթումները եղած են Ամերիկեան ուժերու հովանաւորութեան տակ եղող շրջանի ամենամեծ նաւթահորերուն մէջ, որ յայտնի են «Օմար» անունով։
Կորուստներու կամ վնասներու մասին ցարդ տուեալներ կը պակսին։