image

Վանիկ Սողոմոնեան ՝ Ուքրանիոյ պատերազմի առաջին հայ զոհը

Վանիկ Սողոմոնեան ՝ Ուքրանիոյ պատերազմի  առաջին հայ  զոհը

Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ զոհուած է:

Այդ մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է Քիեւի հայ համայնքի ղեկավար Նորիկ Գէորգեանը, նշելով, որ ան զոհուած է իր բնակավայրի մօտ՝ հարազատները տարհանելու ժամանակ:

Յայտնի են միայն քաղաքացիի անուն-ազգանունը՝ Վանիկ Սողոմոնեան: Ան Ուքրանիոյ քաղաքացի էր, Խերսոն քաղաքի բնակիչ:

Վանիկ Սողոմոնեանը մասնակցութիւն չէ ունեցած ռազմական գործողութիւններուն:

Սա առաջին դէպքն է, երբ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Ուքրանիոյ մէջ ազգութեամբ հայ կը զոհուի:

Նշենք, որ Խերսոնի մէջ վերջին օրերուն թէժ մարտեր կ'ընթանային: Ռուաստանն արդէն յայտարարած է, որ քաղաքը ամբողջութեամբ անցած է ռուսական բանակի տիրապետութեան  տակ։