Պոլիսէն վերահասու դարձանք, որ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան օրերս այցելած է Անգարա եւ ընդունուած երկրի ներքին գործոց նախարար Սուլայման Սոյլուի կողմէ։
Հարկ է յիշեցնենլ, որ Գերապայծառ Զէքիեան վերջերս անցուցած է վիրաբուժական գործողութիւն մը, որմէ ետք ալ բոլորած դարմանման փուլ մը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Գերպ. Զէքիեանի Անգարա տուած այցին մասին Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ի թղթակցական գիրը.
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ներկայ շաբթուայ առաջին կէսին շարք մը շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի դիւանը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ նշուած է, որ Զէքիեան Գերապայծառ դէպի Անգարա ուղեւորութեան ժամանակ շօշափած է հայ կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ կարգ մը վարչական կամ մշակութային բնոյթով հարցեր։ Իրեն ընկերացած են Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հանրային յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր։
Անգարայի մէջ Զէքիեան Գերապայծառ ընդունուած է Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, փոխնախարար Մուհթերէմ Ինճէի, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի, Աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան փոխնախարար Ատնան Էրթէմի, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշի կողմէ։
Զեքիեան Գերապայծառ երէկ վերադարձած է Անգարայէն, ուր իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ծաւալուած խօսակցութիւններու բովանդակութեան կապակցութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացուած Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։