Մեր նախագահը ըսած է, որ ռազմական գործողութիւնը կրնայ սկսիլ որեւէ պահուն: Այն պահուն, երբ մենք սպառնալիք ստանանք, գնահատական պիտի տրուի եւ կատարուի անհրաժեշտ ամէն ինչ:
Թուրքիան լիովին պատրաստ է Սուրիոյ հիւսիսը նոր ռազմական գործողութեան եւ կրնայ զայն սկսիլ որեւէ պահուն: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալըն:
«Վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին մենք երեք մեծ գործողութիւն իրականացուցած ենք Սուրիոյ հիւսիսը եւ ոեւէ մէկէն թոյլտուութիւն չենք խնդրած զանոնք կատարելու համար: Մեր նախագահը ըսած է, որ ռազմական գործողութիւնը կրնայ սկսիլ որեւէ պահուն: Այն պահուն, երբ մենք սպառնալիք ստանանք, գնահատական պիտի տրուի եւ կատարուի անհրաժեշտ ամէն ինչ», յայտնած է ան` նշելով, որ գործողութիւնը ուղղուած պիտի չըլլայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ:
Քալընի խօսքով` Անգարան ներկայիս չ'աջակցիր Դամասկոսի հետ քաղաքական շփումներուն:
Էրտողանը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ նախատեսուող գործողութիւններուն հիմնական նպատակը անվտանգութեան 30-քիլոմեթրնոց գօտիի ընդլայնումն է, որ ստեղծուած է 2019 թուականի Հոկտեմբերին «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութենէն յետոյ: