Աֆղանիստանի մէջ կեդրոնական իշխանութիւնը վերցուցած թալեպները կ'ուզեն լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, դէմ են Աֆղանիստանի մէջ թուրք զինուորներու ներկայութեան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին յայտարարած է «Թալեպան» շարժման ներկայացուցիչ Զապիհուլլահ Մուճահիտը:
«Մենք կ'ուզենք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ, բայց մենք չենք ուզեր, որ անոր զինուորները ըլլան Աֆղանիստանի մէջ», - ըստ Shamshad News-ի՝ ըսած է «Թալեպան»-ի ներկայացուցիչը:
Թրքական զօրամիաւորումը, որ 2021 թ. տուեալներով կը կազմէ 600 զինծառայող, Աֆղանիստանի մէջ կը գտնուի 2001 թուականէն: Այն բանէն ետք, երբ 2021 թ. Մայիսին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յայտարարեց Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումը մինչեւ 2021 թ. Սեպտեմբեր աւարտելու մասին, ԱՄՆ ԶՈՒ շտապներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ, զօրավար Մարք Միլլին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները առաջարկած է ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն ետք օգտագործել թրքական զօրքերը Քապուլի միջազգային օդակայանի անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Սակայն թալեպները կտրականապէս դէմ հանդէս կու գան Աֆղանիստանի մէջ թրքական զօրքի ներկայութեան: