image

Ճրագալոյցի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ ՝Լիէժի մէջ.Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբազան ներկայացուց համայնքի նորանշանակ հոգեւոր հովիւը(Լուսանկար)

  Ճրագալոյցի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ ՝Լիէժի մէջ.Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբազան ներկայացուց համայնքի նորանշանակ հոգեւոր հովիւը(Լուսանկար)

 Սրբազան Հայրը, սիրով ողջունելով ներկաներուն փոխանցեց օրուան Սուրբ Յարութեան պատգամը եւ քարոզի ընթացքին հաւատացեալներուն ներկայացուց Լիէժի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նոր Հոգեւոր Հովիւը՝ Հոգշ Տ․ Մաղաքիային եւ իր կողմէ ժամանակաւորապէս նշանակուած Եկեղեցական համայնքի Ծխական Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիար՝ Սերգեյ Մայիլեանի։ 

 Սուրբ Զատկուան Ճրագալոյցի  հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ  մատուցուած է Պելճիքայի Լիէժ  քաղաքին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Պելճիքայի  իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը   նաեւ նշեց, որ  այս առթիւ  Սուրբ Պատարագը     մատուցած է  Վատիկանի մօտ  Հայց. Առաքելական  Եկեղեցւոյ յատուկ պատուիրակ՝ Գերշ.  Տ. Խաժակ արք Պարսամեան։

Ստորեւ այդ առթիւ մեզի յղուած  կարճ լրատւութիւնը։

Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան 16 Ապրիլ 2022, Շաբաթ օրը, Զատկուան ճրագալոյցի պատարագի համար Հովուական այցելութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Պելճիքայի Լիէժ քաղաքը ուր դիմաւորուեցաւ Կ․Պոլսի Պատրիարքական Աթոռոյ Միաբան եւ Մաստրիխթի Ս․ Կարապետ Եկեղեցւոյ Այցելու Հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա Աբղ․ Պէսքիսիզեանի կողմէ։ 

Նախքան Սուրբ Պատարագի սկսելը Գերշ․ Սրբազան Հօր նախագահութեանբ երեկոյեան ժամը 17-ին տեղի ունեցաւ ժողով մը Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նոր նշանակուած Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա Աբղ․ Պէսքիսիզեանի եւ  Եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն  հետ: Քննարկուեցան եկեղեցական հոգեւոր աշխատանքները եւ հիմնական եկեղեցի մը ունենալու մասին ծրագիրները։ 

Յետ հանդիպման երեկոյեան ժամը 18-ին սկսաւ Ս․ Զատկուան ճրագալոյցի Խորհուրդաւոր Ս․ Պատարագը։  Գերշ․ Սրբազան Հայրը Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի մէջ իր երկրորդ այցելութիւնն էր որ կու տար, Լիէժի Հայ համայնքի համար որպէսզի իր հայրական խնամքը եւ ներկայութիւնը զգալի ըլլար Լիէժաբնակ Հայ հաւատացեալներուն։ Սրբազան Հայրը, սիրով ողջունելով ներկաներուն փոխանցեց օրուան Սուրբ Յարութեան պատգամը եւ քարոզի ընթացքին հաւատացեալներուն ներկայացուց Լիէժի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նոր Հոգեւոր Հովիւը՝ Հոգշ Տ․ Մաղաքիային եւ իր կողմէ ժամանակաւորապէս նշանակուած Եկեղեցական համայնքի Ծխական Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիար՝ Սերգեյ Մայիլեանի։ 

 

Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի կատարուեցաւ Զատկական հաւկիթներու օրհնութիւն Սրբազան հօր կողմէ, որմէ ետք անոնք բաժնուեցան երեխաներուն ու ներկայ հաւատացեալներուն։

Գերշ․ Սրբազան Հայրը եւ Հայր Սուրբը  իրիկուան  հիւրընկալուեցան աւանդական հայ ընտանիքի մը կողմէ Զատկական ճաշկերոյթին։