image

«Ճիհատ նաեւ համացանցի վրայ». Իմամ Խամէնիյիի կոչը

«Ճիհատ նաեւ համացանցի վրայ». Իմամ Խամէնիյիի կոչը

Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամէնիյի յորդորած է ուսանողները օգտագործել համացանցն ու ընկերային լրատուամիջոցները՝ չէզոքացնելու «Իրանի թշնամիներու քարոզչական յարձակումները»:

Խամէնիյին կոչ ըրած է «ճիհատ իրականացնելու՝ ճշմարտութիւնը երեւան հանելու համար»: 

«Ճիհատի հիմնարար սկզբունքն է բացատրել ճշմարտութիւնը եւ խօսիլ անոր մասին բարոյական մեթոտներու միջոցով, ինչպէս նաեւ խնդիրներուն տրամաբանականօրէն եւ սթափ արձագանգելու ունակութեամբ՝ խուսափելով վիրաւորանքներէն, զրպարտութենէն, սուտէն եւ խաբէութենէն», աւելցուցած է ան:

Իսլամական օրէնքին համաձայն՝ երբ կրօնական առաջնորդը ճիհատի կոչ կ'ընէ, անոր հետեւորդները պէտք է միանան անոր այս պայքարին մէջ: Խամէնիյիի համացանցային ճիհատի կոչը հնչած է, երբ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի տարբեր բարձրաստիճան հրամանատարներ նախազգուշացուցած են մօտալուտ քարոզչական պատերազմի մասին: