Երէկ Դամասկոսի վրայ տեղի ունեցած իսրայէլեան գրոհին հետեւանքով զոհուած է Սուրիոյ բանակի զինծառայող։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Մայատին» կայանը։
Աւելի ուշ հալէպահայ լրագրող (ներկայիս հաստատուած Գերմանիա) Գէորգ Ալմասեան իր դիմատետրի էջին կատարած է գրառում մը նշելով ՝«երէկ Դամասկոսի վրայ եղած գրոհին հետեւանքով նահատակուած է Սուրիոյ բանակի զինուորական ՝Զուլ Ֆիքար Ֆայէզ Մանսուր»։
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմին թէժ փուլին աւարտին իսրայէլեան գրոհները յաճախակի սկսան դառնալ Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու ուղղութեամբ եւ մասնաւորապէս մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ։