Առաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ կայանալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողովին» իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն Մայր Աթոռ Սուրբն Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները։
Այս մասին տեղեկութիւնը շրջանառուեցաւ «Առաւօտ» թերթի կայքէջով եւ Անթիլիասի «Կիլիկիա» կայքի ճամբով։ Ստորեւ մանրամասն կերպով մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք հրապարակուած տեղեկութիւններով։
Մայր Աթոռին Aravot.am-ին յղած հարցումին՝ թէ արդեօք Եկեղեցին պիտի մասնակցի՞ հոկտեմբեր 28-31-ին կայանալիք Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին պատասխանելով, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն տէր Եսայի քահանայ Արթենեան հաղորդած է. «Հաստատում ենք, որ ՀՀ Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի կողմից Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բանաւոր հրաւէր է ուղղուել տարւոյս հոկտեմբեր 28-ից 31-ը գումարուելիք Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին մասնակցելու համար: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում քննարկուել է Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին Եկեղեցու մասնակցութեան հարցը:
Հոկտեմբեր 28-31-ի գագաթնաժողովը տարակուսանքներ է առաջացնում մասնակիցների ընտրութեան հարցում, մասնաւորաբար, համահայկական աւանդական կազմակերպութիւնների եւ ազգային կեանքում նշանակալի աւանդ ունեցող անձանց ներկայացուածութեան առումով: Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրների համատեքստում անընկալելի են նաեւ քննարկման համար ընդգրկուած նիւթերը: Կազմակերպական այս մօտեցումներով նման միջոցառումը կարող է նոր զգայունութիւններ եւ լարուածութիւններ առաջացնել ազգային մեր կեանքում եւ արդիւնաւէտ չլինել: Եկեղեցին հնարաւորութիւն չի ունեցել իր յիշեալ եւ այլ դիտարկումները ներկայացնելու գագաթնաժողովի կազմակերպիչներին՝ ներգրաւուած չլինելով կազմակերպչական աշխատանքներում, թէեւ Եկեղեցին միշտ էլ կարեւորել է համահայկական համախմբմանն ուղղուած նման համաժողովների ու միջոցառումների անցկացումը։ Վերոյիշեալ նկատառումներից ելնելով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նպատակայարմար չի նկատում Եկեղեցու մասնակցութիւնը գագաթնաժողովի աշխատանքներին»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան այս ժողովին մասնակցելու խնդրին, ապա այ մասին «Կիլիկիա- թի.վի-»ն կը գրէ՝
Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ի գծով Cilicia TV-ն Կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը եւ յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներ-Հայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը ու վերապահութիւնը յայտնած է:
Cilicia TV-ն նոյն աղբիւրէն իմացաւ, թէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ իր գումարած նիստին, բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէ ներառուած գագաթնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններ չեն հրաւիրուած, այլ միայն անհատ ազգայիններ, ճիշդ չնկատեց մեր Սուրբ Աթոռին եւ իր թեմերուն մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին: