Մեկնաբանելով որոշ լրատուամիջոցներու մէջ Վիեննայի հանդիպումներէն արտահոսքի տարածումը, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն Թուիթըրով գրալ է, որ լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններու շրջանակներուն մէջ կեղծ տեղեկատուութեան տարածումը վտանգաւոր պահուածք է:
Ան յաւելեց, որ «վերջնական համաձայնագիրը շատ տարբեր է յօրինուած հաղորդումներէն, որոնք աղբիւր չունին», պարզաբանելով, որ «քանի որ բանակցութիւնները կը մօտենան իրենց վերջին օրերուն, մենք պէտք է սպասենք աւելի շատ լրատուամիջոցներու յերիւրանքներուն»:
Իր հերթին, Վիեննայի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Միխայիլ Ուլեանով յայտնած է, որ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ համաձայնագրի հակառակորդները կ'աշխուժացնեն իրենց գործունէութիւնը, քանի որ Վիեննայի բանակցող կողմերը կը մօտենան համաձայնագրին:
«Քանի որ մենք կը մօտենանք միջուկային գործարքին վերադառնալու համաձայնութեան, անոր հակառակորդները աւելի ու աւելի կ'աշխուժացնէ իրենց գործունէութիւնը հասարակական ոլորտին մէջ եւ կը փորձեն անբարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել Վիեննայի բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլին համար», գրած է Ուլեանովը Թուիթըրի մէջ:
Իրանեան «Թասնիմ» գործակալութիւնը հերքած է միջուկային համաձայնագրի նախագիծին վերաբերեալ Հինգշաբթի շրջանառուած լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններուն իսկութիւնը` Ուաշինկթընը մեղադրելով «քաղաքական որոշում կայացնելու փոխարէն մետիա կախարդութեան» դիմելու մէջ:
Իրանեան գործակալութիւնը դատապարտած է, իր կարծիքով, «Ռոյթըրզ»ի կողմէ հրապարակուած «պնդումները»` հաղորդելով Վիեննայի մէջ Իրանի եւ «4+1» խումբին միջեւ համաձայնագրերու նախագիծերուն մէկ մասը:
Ան ըսաւ, որ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ուր կը խօսուի 20 էջնոց նախագիծի մասին, «կը գտնուի հոգեբանական գործողութիւններու ծիրին մէջ եւ կապ չունի բանակցութիւններուն մէջ ներկայացուած փաստերուն հետ»` հերքելով վաւերականութիւնը ըսուածին, «ուրանի 5 տոկոսէն աւելի հարստացման կասեցման եւ 7 միլիոն հաշիւի ապասառեցման դիմաց Իրանի մէջՠամերիկացի բանտարկեալներու ազատ արձակման»:
Իրանեան գործակալութիւնը նշած է, որ «Ռոյթըրզ»ի պնդումներու կեղծ ըլլալը ապացուցող ապացոյցներէն մէկը բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը միջուկային բանակցութիւններուն հետ կապելն է, մինչդեռ Թեհրանը բազմիցս հաստատած է, որ երկու թեմաները կապուած չեն»:
Ան յաւելած է, որ Իրանը «պիտի չդադրեցնէ ուրանի հարստացումը` նախքան պատժամիջոցներու, յատկապէս նաւթային պատժամիջոցներու ճակատագիրը որոշելը եւ պաշտօնական միջոցներով նաւթի արտահանման միջոցներ ձեռք բերելու ապահովումը»: