Աշխարհի 98 երկիրներ յայտարարած են այն մասին, որ գործարքներ կնքած են «Թալեպան» շարժման հետ։ Համաձայնագրերը թոյլ կու տան պետութիւններուն շարունակել իրենց քաղաքացիներու եւ աֆղան դաշնակիցներու տարհանումը արմատականներու կողմէ սահմանուած ժամկէտէն՝ 31 Օգոստոսէն ետք։ Այս մասին ըսուած է Աֆղանիստանէն տարհանման երաշխիքներու մասին համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Պետական բաժանմունքի կայքին մէջ։
Գործարք կնքած երկիրներու շարքին են Մեծ Բրիտանիան, ԱՄՆ-ը, Գերմանիան, Իտալիան, Ֆրանսան, Զուիցերիան, Թուրքիան, նաեւ Ուքրանիան։
Պետութիւններու համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ երկիրները պիտի շարունակեն որոշ աֆղաններու տրամադրել ելքի փաստաթուղթեր, իսկ թալեպները պիտի չխոչընդոտեն Աֆղանիստանէն անոնց ելքին։