image

Սէուտական Արաբիոյ մէջ ռուսական զէնքե՞ր

Սէուտական Արաբիոյ մէջ ռուսական զէնքե՞ր

Միացեալ Նահանգները Սէուտական Արաբիայէն դուրս բերած է իր THAAD եւ Patriot զենիթահրթիռային համակարգերը՝ բացատրելով, որ անոնց թիւը սահմանափակ է եւ անոնք աւելի պէտք են այլ տարածաշրջաններու մէջ, մասնաւորապէս՝ Չինաստանի հետ դիմակայութեան համար: Երկիրը հետաքրքրուած է ռուսական հակաօդային համակարգերով:

Սակայն այս մօտեցումը բոլորովին չի գոհացներ Ռիատը, որ մշտապես կ'ենթարկուի հութիներու օդային յարձակումներուն:

Ներկայիս Սէուտական Արաբիայի մէջ տեղակայուած են Յունաստանի զինուած ուժերու 11-րդ մարտական թեւի Patriot համակարգերը, սակայն այդ ժամանակաւոր լուծում է: Ուստի  Ռիատ կը մտածէ ամերիկեան հակահրթիռային եւ հակաօդային պաշտպանության համակարգերու այլընտրանքու մասին, որ կրնայ ապահովել պետութեան անվտանգութիւնը:

Ռիատ մտադիր է դիմել Ռուսաստանին՝ С-400 զենիթահրթիռային համակարգ գնելու համար: Ռիատ լրջօրէն յոյս ունի, որ С-400-ի գնման վերաբերեալ գործարքը չի յանգեցներ ճգնաժամի: ԱՄՆ-ն չափազանց շատ կը գնահատէ Սէուտական Արաբիայի հետ յարաբերութիւնները, որ հսկայական գումարներ կը ծախսէ ամերիկեան զէնքին վրայ, կը նշեն փորձագետնէրը: Բացի այդ, թագաւորութեան մէջ ընդունուած է սեփական շահերը միւսներէն վեր դասել: