Սարսափելի գիշեր Հալէպի մէջ. Զոհու Հալէպ քաղաքը երէկ սարսափելի դէպքերու ականատես դարձած է։
Այս մասին կը գրէ արաբատառ «Ալ Ուաթան» պարբերականը նշելով, որ արդարութիւնէն խոյս տուած անձ մը ձեռնառումբեր նետած է «Ալ Միտան» թաղամասէն անցնող քաղաքացիներու ուղղութեամբ։
Դէպքին հետեւանքով զոհուած է մէկ անձ եւ վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 13-ի (Վիրաւորներուն մէջ է նաեւ ոստիականական ուժերու անդամ երկու սպաներ եւ երկու ոստիկաններ)։
Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը պատահած է կէս գիշերն անց, որմէ ետք ոստիկանական ուժեր ժամանած են դէպքի վայր եւ Իսմահիլ Շուայխնա անունով յանցագործը ձերբակալելու պահուն վնասազերծած են զինք։
Վնասազերծման պահուն յանցագործը սպաննուած է։
Պատկան մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին վերաբերեալ նշելով նաեւ, որ մեղադրեալ Հալէպի քաղաքի ամենավտանգաւոր յանցագործներէն կը համարուէր։