Հրատապ լուրեր:

Սահանքի հետեւանքով.15 Ընտանիքներ, որոնց 6-ը հայ մնացած են առանց բնակարանի (Տեսանիւթ)

  Սահանքի հետեւանքով.15 Ընտանիքներ, որոնց 6-ը հայ մնացած են առանց բնակարանի  (Տեսանիւթ)

   Լիբանանի Պսալիմ-Մըզհէր շրջանին մէջ հողի սահանքի հետեւանքով15  ընտանիքներ  ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Պէյրութի մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ իրենց բնակարաններէն զրկուած  ընտանիքներու 6-ը հայ հայրենակիցներու ընտանիքներ են, որոնք ստիպուած եղած են փոխադրուիլ իրենց ազգականներուն մօտ։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ շէնքի մը արտաքին պաստպարիչ պատեզրի փլուզումը, որ եղած էր սահանքի հետեւանքով պատճառած է մի քանի վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգ չկայ։ 

Ի դէպ Լիբանանի ՀՅԴ ներկայացուցիչ , խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունի մօտէն կը հետաքրքրուի այս խնդրով ու այդ առումով ալ խօսած է շրջանի պատասխանատու մարմիններուն հետ։

Իր կարգին «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը նշած է, որ այս խնդիրը կը գտնուի շրջանի մարմիններու ուշադրութեան ներքոյ, որոնք կարեւոր կարգադրութիւններ պիտի ընեն լուծելու համար քաղաքացիներուն  առանց բնակարանի մնալու խնդիրը։