image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա հրթիռակոծած է Քիեւը, Նիքոլաեւը, Տնեփրը, Քրիվոյ Ռոկը. Զելենսքին ցոյց տուած է հարուածներու հետեւանքները

Ռուսիա հրթիռակոծած է Քիեւը, Նիքոլաեւը, Տնեփրը, Քրիվոյ Ռոկը. Զելենսքին ցոյց տուած է հարուածներու հետեւանքները

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին արձագանգած է ռուսական ուժերու կողմէ Ուքրանիոյ քաղաքներու զանգուածային հրետակոծութիւններուն՝ ըսելով, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ոչինչ պիտի կարենայ փոխել նման գործողութիւններով։ Այդ մասին ան յայտարարած է 18 հոկտեմբերի առաւօտեան։

«Կը շարունակեն ընել այն, ինչ կ'ընեն լաւագոյնս՝ ահաբեկել եւ սպանել խաղաղ բնակիչները, Նիքոլաեւի մէջ հակառակորդը C-300 հրթիռներով աւերած է բնակելի շէնք, մարդ մահացած է»,- գրած է Զելենսքին՝ հրապարակելով Նիքոլաեւի մէջ տեղի ունեցած աւերածութիւններու տեսանիւթը։

«Ահաբեկչական պետութիւնը ոչինչ պիտի կարենայ փոխել նման գործողութիւններով, այլ միայն պիտի հաստատէ իր աւերիչ ու մարդասպան էութիւնը, որու համար, անշուշտ, պատասխանատւութիւն պիտի կրէ»,- եզրափակած է Զելենսքին։

Ինչպէս գրած է korrespondent.net-ը, այսօր առաւօտեան հարուածներ  հասցուած են Ուքրանիոյ տարբեր քաղաքներուն։ Այսպիսով, պայթումները որոտացած են Տնեփրի մէջ, երկու հարուած եղած է ուժանիւթային ենթակառուցուածքի կառոյցի վրայ: Այստեղ զոհերու թիւը հասած է վեցի:

Հաղորդուած է նաեւ Խարքովի մէջ պայթումներու շարքի մասին։ Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ գրոհի ենթարկուած է քաղաքի արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն մէկու թաղամասը։

Բացի այդ, վաղ առաւօտեան Քրիվոյ Ռոկիի մէջ պայթում որոտացած է։ Կը հաղորդուի, որ քաղաքին վրայ ծուխի սիւն կը բարձրանայ։

Իսկ Ժիթոմիրի մէջ պայթումէն ետք ելեկտրականութիւնն ու ջուրը անջատուած են։ 

Հոկտեմբեր 18-ին պայթումներ որոտացած են նաեւ Քիեւի մէջ. ռուսական հրթիռները խոցած են ձախ ափին գտնուող ելեկտրակայաններէն մէկը, որմէ ետք հրդեհ բռնկած է, յայտնած են Telegram ալիքները։