image

Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլ

Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլ

Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները աւարտած են: 

Բանակցութիւնները կայացած են Պելառուսիոյ մէջ եւ տեւած են գրեթէ 3 ժամ:

Զելենսքիի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդականը ըսած է, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ մարդասիրական միջանցքներու հարցով բանակցութիւններուն մէջ դրական տեղաշարժեր կան:

Նաեւ շարունակուած են բւռն խորհրդակցութիւնները կարգաւորման հարցերու, այդ շարքին` հրադադարի շուրջ:

ՌԴ պատուիրակութեան ղեկավար Մետինսքին ըսած է, որ դեռ կանուխ է որեւէ դրական բանի մասին խօսելը:  Ըստ անոր, ռուսական կողմի սպասելիքները չեն արդարացած:  Ուքրանական կողմը փաստաթուղթերը տարած է ուսումնասիրութեան, չեն յաջողած ստորագրել: