Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշած է կտրուկ նուազեցնել ռազմական աշխուժութիւնը Քիեւի եւ Չեռնիկովի ուղղութիւններով: Այս մասին ըսուած է Սթամպուլի մէջ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն արդիւնքներով նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Քանի որ Ուքրանիոյ չէզոքութեան եւ ոչ-միջուկային կարգավիճակի մասին պայմանագրի նախապատրաստման, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման շուրջ բանակցութիւնները գործնական հարթութիւն կ'անցնին, հաշուի առնելով քննարկուած սկզբունքները, Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ փոխադարձ վստահութեան բարձրացման եւ հետագայ բանակցութիւններու վերջնական նպատակին` վերը նշուած համաձայնագրի հաստատման ու ստորագրման հասնելու համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու նպատակով, որոշում կայացուած է արմատապէս, մի քանի անգամ կրճատել ռազմական աշխուժութիւնը Քիեւի եւ Չեռնիկովի ուղղութիւններով», ըսած է ան: