Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլեաք նշած է, թէ երբ հնարաւոր է Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը:
Անոր խօսքով` գործընթացը կրնայ տեւել մի քանի օրէն մինչեւ մէկուկէս շաբաթ:
Փոտոլեաքի խօսքով, թէ՛ ուքրանական, թէ՛ ռուսական պատուիրակութիւնները այս պահին իրենց դիրքերուն վրայ են:
«Վիճելի կէտերու համաձայնեցումը կրնայ տեւել մի քանի օրէն մինչեւ մէկուկէս շաբաթ: Այդ ընթացքին մենք պէտք է մօտենանք խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելուն», նշած է ան: