image

Քննարկման թեմա է Ուքրանիոյ «չէզոք երկիր» ըլլալու հարցը. Լաւրով

Քննարկման  թեմա է  Ուքրանիոյ  «չէզոք երկիր» ըլլալու հարցը. Լաւրով

Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակը այժմ լրջօրէն կը քննարկուի բանակցութիւններուն մէջ` անվտանգութեան երաշխիքներու մասին Ռուսաստանի պահանջներուն հետ մէկտեղ, յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Չէզոք կարգավիճակը այժմ լրջօրէն կը քննարկուի, ի հարկէ, անվտանգութեան երաշխիքներու հետ միասին», ըսած է ան մեկնաբանելով ռուս-ուկրաինական բանակցութիւնները:

«Կան յստակ ձեւակերպումներ, որոնք, իմ կարծիքով, մօտ են համաձայնեցման», ըսած է նախարարը` չբացայայտելով մանրամասներ:

«Ես շատ յոյսով եմ, որ գործնական տրամադրուածութիւնը, որ հեշտ չէ, բայց, այնուամենայնիւ, կը սկսի դրսեւորուիլ եւ յոյսով եմ, որ այն կը գերակշռէ, այդ յոյս կու տայ, որ մենք պիտի կարենանք համաձայնութեան գալ այս թեմային շուրջ:

Հասկնալի է, որ հեշտ է մեկուսացման մէջ չէզոքութիւն յայտարարելը եւ երաշխիքներ յայտարարելը, սա, ի հարկէ, էական յառաջընթաց պիտի ըլլայ, բայց խնդիրը շատ աւելի լայն է, այդ շարքին` տխրահռչակ արժէքներու առումով», յաւելած է նախարարը: