Քիեւի մերձակայքը թէժ մարտեր պիտի ծաւալին յառաջիկայ օրերուն: Այս մասին կ'ըսուի Մեծն Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան վերջին հետախուզական ամփոփագրին մէջ: Կը նշուի, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուորականները կը շարունակեն դիրքեր պահպանել Քիեւէն դէպի արեւելք եւ արեւմուտք` որոշ ստորաբաժանումներու դուրսբերման լոյսին տակ:
Ինչպէս կը նշուի բրիտանական հետախուզական ամփոփագրին մէջ, չնայած Ռուսաստանի յայտարարութիւններուն՝ Չերնիկովի շուրջ ռազմական ախշուժութիւնը նուազեցնելու մտադրութեան մասին, ռուսական հրետանային ռմբակոծութիւնները եւ հրթիռային յարձակումները կը շարունակուին:
Ծանր մարտերը կը շարունակուին նաեւ Մարիուփոլի մէջ, ուքրանացի զինուորականները դեռ կը վերահսկեն քաղաքին կեդրոնը: