image

Քաթար- Սէուտական Արաբիա. Դեսպանի նշանակում

Քաթար- Սէուտական Արաբիա. Դեսպանի նշանակում

Քաթարի Պետութեան էմիր շէյխ Թամիմ Պըն Համատ երկրորդը դեսպան նշանաուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ, որու հետ յարաբերութիւնները 2017 Յունիսէն սառեցուած վիճակի մէջ էին: Նշանակումը տեղի ունեցած է երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջածիրէն ներս:

Քաթարի ազգային գործակալութեան հաղորդմամբ, Սէուտական Արաբիոյ մէջ դեսպան նշանակուած է Պանտար Մուհամետ Ապտալլա ալ-Աթիյան, որ նախապէս ղեկավարած է Քուէյթի մէջ այդ երկրի դեսպանատան աշխատանքները:

2017 թուականի ամռան Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Պահրէյնն ու Եգիպտոսը յայտարարած են Քաթարի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին՝ մեղադրելով Տոհան ահաբեկչութեանն աջակցելու եւ իրենց ներքին գործերուն խառնուելու մէջ: Ատոր յաջորդած էին տնտեսական պատժամիջոցներն ու փոխադրային շրջափակումը: Այդ երկիրները, մասնաւորապէս, փակեցին իրենց օդային տարածքը քաթարական օդանաւներու համար: Քաթարի մէջ նման քայլերը չհիմնաւորուած որակուեցան:

Իրավիճակը հարթուեցաւ միայն 2021 թուականի Յունուարին, երբ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր Քաթարի հետ տարաձայնութիւններու յաղթահարման վերաբերեալ: Մայիսին Քաթարի էմիրը այցելած էր Սէուտական Արաբիա: