image

Պոլսոյ մէջ. Հանրայայտ թատերական գործիչ՝ Պօղոս Չալկըճըօղլուն պատուոյ մետայլ ստացաւ(Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ.  Հանրայայտ թատերական  գործիչ՝ Պօղոս Չալկըճըօղլուն  պատուոյ  մետայլ  ստացաւ(Լուսանկար)

 Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր  Գերպ. Տ. Լեւոն արք. Զեքիեան  օրերս  պարգեաւտրած է   Պոլսոյ թատերական կեանքի  հայազգի  ականաւոր գործիչ  Տիար Պօղոս Չալկըճըօղլուն։

 

 

 Այս մասին կը կարդանք՝  «Ժամանակ» օրաթերթէն։

 

  Թերթը  մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Պոլսահայ թատերական կեանքի երախտաւորներէն Պօղոս Չալկըճըօղլուի ի պատիւ շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի սրահի երդիքին տակ։ Այսպէս, յայտնի դերասան ու բեմադրիչ, թատերական պատմութեան վերաբերեալ յօդուածներու հեղինակ Պօղոս Չալկըճըօղլու պարգեւատրուեցաւ՝ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանին կողմէ հաստատուած «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով։ Բազմավաստակ արուեստագէտը պարգեւատրուեցաւ ձեռամբ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի։ Այսպէսով Պօղոս Չալկըճըօղլուի երկարամեայ վաստակն ու անկրկնելի վարպետութիւնը արժանի գնահատականի առարկայ դարձան՝ սրահը լեցուցած հանդիսատեսներու ծափահարութիւններու տարափով։ Պօղոս Չալկըճըօղլու  երկար տասնամեակներ եղած է պոլսահայ թատերական եւ ընդհանրապէս մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն։ Մաս կազմած է կարեւոր շարժումներու, ներդրում բերած է կարեւոր ծրագիրներու, որոնց շնորհիւ պոլսահայ թատրոնի աւանդութիւններն ու նախընթացները հասած են մինչեւ մեր օրերը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հասցուցած է նոր սերունդէ դերասաններ, որոնք եւս, իրենց հերթին, կենսունակութիւն եւ թարմ շունչ ապահոված են մեր թատերական կեանքին համար։

Պօղոս Չալկըճըօղլուի մեծարանքի հանդիսութիւնը հովանաւորեց Զեքիեան Գերապայծառ, որու առընթեր ներկայ էին Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ կողակիցը՝ Արփինէ Աւդալեան, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկաս եւ բազմաթիւ թատերասէրներ, օրուայ մեծարեալի համակիրներ։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Թամար Մանկասարի եւ Նաթալի Միհրանեանի։ Ելոյթներով հանդէս եկան փոխ-նախարար Տեմիրճան, մեծարեալի քոյրը՝ դերասանուհի Պերճուհի Պէրպէրեան, մեծարեալի սաներէն Մուրատ Ճաւաք, փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ պրպտումներով ծանօթ հեղինակ Նեսիմ Օվատիա Իզրաիլ, Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու եւ Ֆրատ Կիւլլիւ։

Ծրագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին, որուն մասնակցեցան տուտուկահար Արամ Իփեքճեան, դհոլահար Պուրակ Մեսրոպեան, ինչպէս նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Զեքիեան Գերապայծառ մետայլը յանձնելէ առաջ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեծարեալի մասին։ Պօղոս Չալկըճըօղլուն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։