image

Փութին-Էրտողան քննարկում. Թեման՝ Ուքրանիան է

Փութին-Էրտողան  քննարկում. Թեման՝ Ուքրանիան է

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանը քննարկած են ուքրանական ճգնաժամը:

Քրեմլինը կը հաղորդէ, որ կողմերը Տոնպասի պաշտպանութեան յատուկ ռազմական գործողութեան շուրջ իրավիճակի զարգացման տարբեր հարցեր են քննարկել: Վլատիմիր Փութին նաեւ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններու ընթացքի մասին տեղեկացուցած է:

Զրոյցին ընթացքին յատուկ շեշտադրուած է մարդասիրական բաղադրիչը: Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան երախտագիտութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ տարածքէն Թուրքիոյ քաղաքացիներու տարհանման, ինչպէս նաեւ Ազովի ծովի ռուսական նաւահանգիստներէն թրքական բեռներով նաւերու անվտանգ ելքին նպաստելու համար:

«Մանրամասն քննարկուեցան երկկողմ օրակարգի հարցերը: Դրական գնահատական տրուեցաւ Անթալիոյ եւ Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին բանակցութիւններու արդիւնքներուն: Փոխշահաւէտ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան յհտագայ զարգացման, այդ շարքին` ուժանիւթի ոլորտիմ  մէջ ռազմավարական նախագիծերու իրականացման տրամադրուածութիւն արտայայտուեցաւ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակելւ տարբեր մակարդակներով շփումները», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: