image

Փաքիստան ուժեր ուղարկեց Աֆղանիստանի հետ սահմանին

Փաքիստան ուժեր ուղարկեց Աֆղանիստանի հետ սահմանին

«Փաքիստանի զինուած ուժերը կ'ուղարկուին աֆղան-փաքիստանեան սահման, որպէսզի կանխեն թալեպաններու առաջխաղացումը դէպի երկիր», յայտնած է Dawn թերթը:

Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար՝ Շէյխ Ռաշիտ Ահմէտ ըսած է, որ Փաքիստանը սահմանապահ ոստիկանութիւն տեղափոխած է Աֆղանիստանի հետ սահման՝ իր տարածքը պաշտպանելու համար ոչ միայն թալեպաններէն, այլեւ Աֆղանիստանէն փախչող փախստականներէն, նահանջող գրոհայիններէն եւ աֆղանական զինուորականներէն:

«Եթէ աֆղանական զօրքերը մտնեն Փաքիստան՝ խուսափելով մարտական գործողութիւններէն, հաւանական է, որ «Թալիպանը» հետեւի իրենց, եւ հակամարտութիւնը տեղափոխուի Փաքիստանի տարածք»,- յայտարարած են Փաքիստանի զինուած ուժերու աղբիւրները: